Scouts Day 2013

Tuesday, 06 October 2015 09:45 Read 95107 times

Սփիւռքի տարածքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հայ Սկաուտութեան ունեցած ազգանպաստ առաքելութիւնը վերահաստատելու համար՝ բաւարար էր ներկայ գտնուիլ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոնտոնի Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 34-րդ տարեդարձին եւ Հայ Սկաուտի օրուան տօնակատարութեան:

16 Մարտ 2013-ի երեկոյեան Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած սոյն հանդիսութիւնը լաւատեսութեան, ոգեւորութեան, ազգային պատկանելիութեամբ հպարտանալու առիթ ընծայեց Լոնտոնահայութեան: 

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հաւատարմատար Տիար Արա Մարգարեանը, Մեծն Պրիթանիոյ Եկեղեցական ու Համայնքային Խորհուրդի ատենապետ Տիար Արա Պալամուտեանը, Արժ. Տ. Շնորհք Պաղտասարեան, Քոյր Միութիւններու ներկայացուցիցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:

Օրուայ հանդիսավարուհի քոյր Արփի Ստէփանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, մասնաճիւղի անդամները խումբ առ խումբ բարձրացան բեմ, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն՝ Հայաստանի Քայլերգով: Ապա յաջորդաբար խօսք առին՝ մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Թինա Օհանեան, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ.՝ Էտօ Ապրահամեան, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հաւատարմատար Տիար Արա Մարգարեան, որոնք անդրադարձան՝ հայ նոր սերունդներուն մարդկային եւ ազգային դաստիարակութեան գործընթացին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ունեցած գերգնահատելի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն զօրակցելու անհրաժեշտութեան: Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ գնահատագրերու բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն: Կ՛արժէ յիշել թէ Վարչութեան կողմէ տիպար սկաուտի կոչումին ու Եղբ. Յակոբ Պալամուտեանի շքանշանին արժանացաւ՝ եղբ. Նարբէ Մինասեանը իր խոնարհ ու նուիրեալ միութենական գործունէութեան համար: Հանդիսութեան առաջին բաժնի աւարտին մասնաճիւղի կրտսերագոյն արծուիկը հատեց միութեան 34-րդ ամեակին նուիրուած կարկանդակը:

Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը գեղարուեստական յայտագիր էր: Գայլիկներն ու Արծուիկները, Արիներն ու Արենուշները, պատասխանատուական կազմը, միութեան Սկաուտ Խորհուրդն ու Վարչութիւնը ամիսներու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, հանրութեան կը ներկայացնէին՝ հայատիպ, սերտուած ու իմաստալից գեղարուեստական յայտագիր մը: Սկաուտները պատմական ու ներկայ Հայաստանի կարեւոր կեդրոնները կ՛այցելէին ու տուեալ վայրին շուրջ լստաեսողական տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, կը ներկայացնէին համապատասխան յայտագիր: Օրինակ՝ Կիլիկիոյ մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք խումբ մը սկաուտներ կատարեցին Կիլիկիա մաղթերքը, Մուշին ծանօթանալէ ետք՝ Մշոյ նուիրուած երգ ու պար, հետաքրքրական զաւեշտ, կենդանի պատկերի միջոցաւ՝ Ծիծեռնակաբերդի, Արցախի, Սարդարապատի այցելութիւն եւ վերջապէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նշանին տակ միշտ պատրաստ ըլլալու խոստում տուող խմբային երգ: Ամէն ինչ հայկական էր ու խորհրդանշական, ինչ որ առաւել կ՛իմաստաւորէր երեկոյի կազմակերպման նպատակը:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ բարձր տրամադրութեամբ, գնահատանքի ու զօրակցութեան արտայայտութիւններով:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը սոյն ձեռնարկով անգամ մը եւս վերահաստատեց, թէ արեւմուտքի համաշխարհայնացած, բազմամշակոյթ ու այլասերող միջավայրին մէջ՝ հայօրէն ապրելու ու գոյատեւելու հիմնական երաշխիքներէն մէկը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերուն մէջ կը խտանայ: Իսկապէ՛ս Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հայակերտումի ու մարդակերտումի ամրոց է:

Գէորգ Յակոբճեան

Նկարներ:- Էդւին Դաւիթեան

Events Calendar

Mon Tue Wed Thu Fri Sat Sun
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30

Latest News